2016-07-15 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` Աստուծմէ կը խնդրեմ որ դարձի բերէ բռնարարներու սրտերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 15 Յուլիս 2016-ին, ի տես Ֆրանսայի Նիս Քաղաքին մէջ պատահած ահաբեկչական արարքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թուիթ մը հրապարակեց որուն մէջ իր մօտիկութիւնը յայտնելով Նիսի քաղաքացիներուն,  իր աղօթքները ապահովեցուց ահաբեկչական արարքի բոլոր գոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու միեւնոյն ժամանակ Աստուծմէ խնդրեց որ դարձի բերէ ատելութենէ կուրացած բռնարարներու սրտերը։

''Կ՛աղօթեմ Նիսի  մահափորձի զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։ Աստուծմէ կը խնդրեմ որ դարձի բերէ ատելութենէ կուրցած բռնարարներու սրտերը'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր հրատարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.